Monday, December 2, 2013

Ւնչ իմացա

Սասնա ծռեռը էպոսից ես գիտեի քչից շատից միայն պատմություը գիտեի այն էլ ճիշտն ասած ոչ այնքան լավ.Սակայն հիմա ահագին բան գիտեմ մեր էպոսի մասին ես գիտեի որ մեր էպոսը հայերի կողմից բավական սիրված է բայց չգիտեյի որ աշխարհի կողմիցել այնքան սիրված է որ նույնիսկ ճանաչվել է Յունեսկոի կողմից ոչ նյութական ժառանգության կամ որ Ռուսաստանի Կրթության Գիտության նախարարությունը խորհուրդ է տալիս ընթերցել այն.ես իհարկե չգիտեի որ այն գրել են մի քանի գրողներ սակայն շատ մարդկանց կարծիքով լավագույն մշակումն է Հովհանես Թումանյանինը . Նաև լսելեմ ռադիոնյութը որը շատ հետաքրքիր էր սակայն ամենից հետաքրքիրը հարցաշարն էր որի վրա մեծ ժամանակ ծախսեցի սալկայն մի քանի հարց այնպես ել չկարողացա պատասխանեմ քանի որ շատ դժվար էր  նույնիսկ Աստվածաշնչում կա մեր էպոսի մասին Մի խոսքով ես գիտեի գրեթե ոչինչ մեր էպոսի մասին որը մի փոքր էլ ամոթ է սակայն ես հիմա գիտեմ որոշակի գիտելիք Սասնա Ծռեռի մասին

Sunday, December 1, 2013

Հարցաշար


  1. 1964 թ-ին աշխարհի վիպերգերի միջազգային մրցույթում «Սասնա ծռերը» ճանաչվել է լավագույնը: Ի՞նչ ես կարծում,  ինչո՞ւ:
  2. Քանի որ այն խորը իմաստ ունի 
  3. Փորձիր պարզել` Կոմիտասի ո՞ր հայտնի ստեղծագործության մշակման հետ է կապվում էպոսը:
  4. Այն կապված է Սասունցի Դավիթը օպեռայի   մշակման հետ որը անավարտ է մնացել
  5. Հին Կտակարանում կա հիշատակություն մեր էպոսի հերոսների մասին, գտիր հատվածը և ներկայացրու:
  6. Փորձիր պարզել` էլ ի՞նչ երաժշտական ստեղծագործություններ են գրվել էպոսյան թեմաներով:
  7. Գուսան Շահենի Սասունցի Դավիթը ,Էդգար Հովհանիսյանի Սասունցի Դավիթ Բալետ Օպեռան 
  8. Բացի «Սասնա ծռերից» էլ ի՞նչ անուններով է կոչվել մեր էպոսը:
  9.  «Սասունցի Դավիթ»  «Սասնա փահլևաններ», «Սասնա տուն», «Ջոջանց տուն», «Սասունցի Դավիթ կամ Մհերի դուռ», «Դավիթ և Մհեր», «Դավթի պատմություն», «Դավթի հեքիաթ» 
  10. Ո՞ր պատմիչներն են հիշատակել էպոսի մասին:
  11. Մովսես Խորենացին 
  12. Օտարերկրացիների ինչպիսի՞ հիշատակություններ կան էպոսի մասին:
  13. Ո՞րն է էպոսի վիպասացների բուն հայրենիքը: Հավաքիր տեղեկություններ և ներկայացրու:

Tuesday, November 5, 2013

.Վերլուծություն

Կարծում եմ որ Մխիթարյան միաբանությունը շատ տուժեց իր արած սխալ քայլերի պատճառով. Ես համամիտ եմ Ոսկան Մխիթարեանի հետ որ միաբանությունը կառաջադիմեր եթե միանար եկեղեցուն չե որ եկեղեցին ավելի շատ կկարողանար օգներ քան Իտալական սնանկացած ընկերությունները որոնց պարտքերի պատճառով  ստիպված եղավ փակելու  տպարանը.Կ շատ միաբանկեր անհույս հեռացան Միաբակությունից .Ինձ թվում է որ Մխիթարյան միաբանությանը նույն օգուտը կտար Հայերին եթե չփակվեր տպարանը և շատ միաբաններ չհեռանՅին
Չնայած որ Վենետիկի և Վիեննայի իրար միացան սակայն այդ չոօգնեց որ նույն ակտիվությունը դրսեվորեն

Ոսկան Մխիթարեան

ան Միաբանութեան Փրկութեան Միակ Ճամբան՝ Մայր Եկեղեցի Վերադառնալ Է Ոսկան ՄխիթարեանՊետութիւն մը, եկեղեցի մը, կամ որեւէ տեսակի կառոյց մը եթէ ինզինք սրբագրելու կարելիութենէն զուրկ ըլլայ՝ ո՛չ միայն կը դադրի յառաջդիմելէ, այլ ապահովաբար եւ անխուսախելիօրէն կը դատապարտուի կործանումի։ Դժբախտաբար, ա՛յս է Մխիթարեան Միաբանութեան այսօրուան պատկերը, որ մեր աչքին առջեւ կը պարզէ դառն եւ տխուր իրականութիւններ։ Ի՞նչ էր պատճառը այս ահաւոր անկումին։ Պիտի ջանանք վերլուծել անշահախնդիր կերպով, ականատեսի վկայութեամբ, մեր անձնական փորձառութեան վրայ հիմնուելով, եւ մօտէն ծանօթացած ըլլալով միաբանութեան իւրաքանչիւր անդամին, վանքէն ներս կամ դուրս։Վերջին քառասնամեակին, իրերայաջորդ կարգ մը աբբահայրերու ձախաւեր գործունէութիւնը իր տխուր անդրադարձը ունեցաւ Միաբանութեան վարկին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս միաբանութեան իւրաքանչիւր անդամի հոգեբանութեան վրայ։  Ոմանք, յուսահատ՝ հեռացան Միաբանութենէն, ոմանք՝ աշխատանքի ասպարէզէն, ուրիշներ փոխեցին իրենց ծառայութեան մարզը, ոմանք ալ ստեղծեցին իրենց անձնական աշխատանքի դաշտը եւ գրեթէ գործեցին անկախաբար։ Բարեբախտաբար խումբ մը պարկեշտ եւ անշահախնդիր միաբաններ մնացին պատնէշի վրայ, եւ կը փորձեն կենդանացնել ու վերակերտել ինչ որ վերջին քառասնամեակին կործանած էին անփորձ, անխոհեմ եւ անպատասխանատու ղեկավարները։Եօթանասունական թուականներէն սկսեալ, տեսանք արդէն թէ ինչպէ՛ս հանգուցեալ Հ. Պօղոս Վրդ. Անանեան Աբբահօր օրով տեղի ունեցան կալուածային մեծածաւալ ձեռքբերումներ, ինչպէս նաեւ շինարարական ձեռնարկներ, որոնց գլխաւոր նպատակն էր մնայուն եւ հասութաբեր եկամուտներ ապահովել Միաբանութեան համար։ Դժբախտաբար սոյն մեծղի գործարքներու մատակարարումը միաբաններու կողքին չունեցաւ մասնագէտ աշխարհականներ, որոնք կարենային մօտէն հետեւիլ եւ որոշ ապահովութիւն մը ընձեռել վերոյիշեալ ծրագիրներուն։Միւս կողմէ, իտալական սնանկացած ու պարտքերու լուծին տակ գտնուող որոշ ընկերակցութիւններու հետ գործառական բաժնեկցութիւնները դուռ բացին մեծագումար պարտքերու, որոնք  Մխիթարեան Միաբանութիւնը ակնյայտ սնանկութեան մը սեմին հասցուցին։ Այս անխոհեմ քայլերը սրբագրելու համար, Միաբանութիւնը պարտաւոր եղաւ ծախելու շատ մը թանկարժէք կալուածներ, ներառեալ Վենետիկի Ս. Մարկոսի Հրապարակին վրայ գտնուող խանութները, վճարելու համար իր պարտքերը պարտատէրերուն։        Չմոռնանք այստեղ յիշեցնելու, որ Միաբանութեան վիթխարի պարտքերու պատճառով՝ կալուածներու մեծամասնութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ չնչին եւ շուկայական արժէքէն շատ ցած գիներով շտապ վաճառուեցան:Նմանօրինակ անխոհեմ քայլեր յաջորդաբար պատճառ դարձան նաեւ, որ Միաբանութիւնը վերատեսութեան ենթարկէր իր տնտեսական ընդհանուր վիճակը, եւ ստիպուած ըլլար փակելու իր բազմադարեան ու պատմական տպարանը, որուն հետեւանքով նուազեցաւ նաեւ գրքերու տպագրութիւնը: Այս հրատարակութիւններու ճամբով էր որ Մխիթարեան Հայրերը իրենց ամբողջական ընծայումով եւ բանասիրական աշխատանքներու միջոցաւ օտարներուն ներկայացուցած եւ ծանօթացուցած էին Հայ գրականութեան տիտանները, ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, երբ մեր Նուիրապետական Աթոռները կը հիւծէին Օսմանեան եւ Ռուսական գերիշխանութիւններու երկաթեայ բազուկին տակ։Անկասկած՝ ուրիշ է իրողութիւնը Մխիթարեան Միաբանութեան կեանքին մէջ այսօր, եւ անխուսափելին պիտի պատահի շատ մօտիկ ապագային։  Վերջին երեսունամեակին՝ անձնական զանազան պատճառներով, ինչպէս նաեւ բնական եւ անակնկալ մահերու հետեւանքով, Միաբանութեան շարքերը երթալով  նօսրացան: Նոյն ատեն՝ Վարչութիւնը չկարողացաւ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերը նոր սերունդի պատրաստութեան վերաբերեալ, Միաբանութեան գոյութիւնն ու շարունակութիւնը ապահովելու համար։Հետեւաբար՝ վերեւ յիշուած դժուարութիւններուն եկաւ միանալու անխիղճ եւ անպատասխանատու վաճառքը Միաբանութեան տրամադրութեան տակ ի պահ դրուած մեծ թիւով մշակութային հարստութիւններու, ինչպիսիք են՝ գիրքեր, ձեռագիրներ, քարտէսներ, գորգեր, զգեստներ, ոսկեղէն, արծաթեղէն դրամներ եւ իրեր, կահ-կարասիներ, արուեստի գործեր եւայլն. մէկ խօսքով՝ հայ ժողովուրդի դարաւոր գանձերը, ըլլան անոնք Վենետիկի եւ կամ Վիեննայի  վանքերէն ներս։  Անցեալ տարի, եւրոպական, մասնաւորաբար Գերմանական եւ Հայկական մամուլը լայնօրէն անդրադարձան Վիեննայի վանքէն կատարուած լայնածաւալ գողութիւններու մասին: Հոս տեղը չէ աւելի մանրամասն այդ մասին անդրադառնալու։ Անշուշտ այս դէպքը արդէն իր նախընթացը ունեցած էր նախորդող տարիներուն, երբ Վանքի նախկին ուսանողներէն մէկը՝ լիբանանահայ Փիէռ Գազէզեան, որ Վիեննայի վանքը ուղարկուած էր որպէսզի օգնէր Միաբանութեան 300-ամեակի առիթով պատրաստուելիք հանդիսութեանց, չարաշահելով իրեն տրուած արտօնութիւնը, ազատօրէն մտած էր թանգարանէն ներս, եւ յաջողած էր գողնալ Հայկական եւ օտար  թանկարժէք գիրքեր եւ հնութիւններ, վաճառելով զանոնք Աւստրիացի եւ եւրոպացի զանազան հնավաճառներու: Անշուշտ, ոստիկանութեան եւ դատարանային հետապնդումներու շնորհիւ կարելի եղաւ յայտնաբերել, եւ սակայն դժբախտաբար միայն մասամբ վերստին ձեռք ձգել մշակոյթի եւ արուեստի ազգային եւ միջազգային այս անգնահատելի գանձերը, որոնք դարեր ամբողջ գուրգուրանքով պահուած, պահպանուած ու արժեւորուած էին Մխիթարեան վաստակաւոր միաբաններու կողմէ։Ամէնուս ծանօթ է Մխիթարեան վարդապետներուն ըլլա՛յ  անցեալի, ըլլայ, ինչո՛ւ չէ, ներկայի մեծամասնութեան յատկապէս մշակութային արժէքներու հանդէպ ունեցած անվերապահ հոգածութիւնն ու սէրը ։     Ո՞վ չէ կարդացած, իր նախակրթարանի  դասարաններէն սկսեալ,  Մխիթարեան հայրերու վաստակի մասին եւ չէ հիացած ու հպարտացած անոնց գործունէութեամբ, կրօնական, գրական, իմաստասիրական, պատմական, թարգմանական եւ բանասիրական անդաստաններէն ներս։  Ինչպէ՞ս կարելի է չզմայլիլ եւ չհմայուիլ մոմի լոյսին տակ գրուած՝ Ալիշանի ստուարահատոր գործերով, Չամչեանի Պատմագրութեամբ, Ակինեանի բանասիրութիւններով, Գաթըրճեանի գրաբարի գիրքերով, Մէնէվիշեանի քննական պատմութեան յօդուածներով, Այտընեանի հայագիտական վերլուծումներով: Շարքը այնքան երկար է այս բեղուն գործունէութիւններուն, որ կարելի է հատորներ գրել այս տիտաններուն մասին։ Դժբախտաբար, 300 տարիներու ոսկետառ պատմութիւն ունեցող այս Միաբանութիւնը այսօր վերածուած է խլեակի մը, եւ կ՛ապրի  անկասկած իր վերջալոյսը։  Անտոնեան անունով սկսած այս միաբանութիւնը, որ հետագային պիտի կոչուէր Մխիթարեան՝ իր հիմնադրին հաւատարիմ ուխտաւոր միաբաններուն կողմէ, շուտով պիտի հասնի Անտոնեան միաբանութեան վիճակուած ճակատագրին՝ ամբողջական լուծարքի։Ահաւասիկ անգամ մը եւս կը մտաբերեմ իմ 1993-ի յայտարարութիւնս, երբ Վենետիկ կը գտնուէի Բազմավէպի 150-ամեակի տօնակատարութեանց առիթով, որպէս Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս եւ Կրթական Հիմնարկի Վարչութեան փոխ-ատենապետ։ Ընթրիքէ ետք հաւաքուած էինք սուրճ խմելու՝ ընթերցանութեան եւ հանդիպման սենեակին մէջ, ուր հաւաքուած էին նաեւ շարք մը միաբաններ, ի միջի այլոց՝ հանգուցեալներ Հայր Ներսէս Տէր Ներսէսեան, Հայր Պօղոս Անանեան, Հայր Սահակ Ճէմճէմեան, եւ գրեթէ նստելու տեղ ալ չէր մնացած երբ խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը դարձաւ Մխիթարեան Միաբանութեան ապագան։  Զանազան մտքերու փոխանակումէն ետք, օրուան Աբբահայրը՝ Հայր Գէորգ (այժմ հանգուցեալ) ուզեց իմանալ նաեւ իմ կարծիքս։ Ես ալ ըստ սովորութեանս, առիթը յարմար նկատելով ըսի հետեւեալը, եւ նոյնը կը կրկնեմ 17 տարի ետք. “Սիրելի Հայրեր, ներեցէք համարձակութեանս, բայց առիթը յարմար նկատելով պիտի ուզէի փոխանցել իմ ներքին ապրումներն ու համոզումներս։ Նկատի ունենալով երկու միաբանութեանց քանակի նօսրացումը, ժամանակը հասած է որ երկու միաբանութիւնները նախ միանան (տեսականօրէն կատարուեցաւ այս ցանկութիւնս 2000 թուականին, թէեւ ձախողած միութիւն մըն է) ու ապա վերադառնաք ամբողջութեամբ Մայր Եկեղեցի՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան հովանիին տակ, կղզին պահելով որպէս մշակոյթի կեդրոն, եւ դառնաք Հայութիւնը ներկայացնող իտէալ կրօնական կեդրոն մը Եւրոպայի սրտին մէջ, ինչպէս անցեալին՝  նոյնպէս եւ ապագային”։ԱՅՈ՛, Հոգեշնորհ Հայրեր, կամքէ անկախ պատճառներով շատ մօտիկ ապագային անխուսափելին պիտի պատահի։ Պապական Ս. Աթոռը էքիւմէնիզմի սկզբունքներուն եւ ոգիին համաձայն կոչ ուղղած է եւ կ՛ուղղէ քրիստոնեայ քոյր Եկեղեցիներուն միանալու եւ գործակցելու ի խնդիր եկեղեցւոյ պայծառացման։ Ահաւասիկ լաւագոյն առիթը կը ներկայանայ Ս. Աթոռին որ առաջին օրինակը ի՛նք ցոյց տայ, եւ արտօնէ որ Մխիթարեան Միաբանութիւնը վերադառնայ Մայր Եկեղեցի։ Որովհետեւ՝ ազգային արդիւնաշատ միաբանութեան մը, այսինքն Մխիթարեան Միաբանութեան անվտանգութեան հարցը մեր դիմաց կը պարզուի միջ-եկեղեցական եւ միջազգային չափանիշներով։ Քրիստոնեայ եկեղեցիներու անցեալի աստուածաբանական կռիւները, որոնք այսօր կորսնցուցած են իրենց իմաստն ու ուժականութիւնը, ուրիշ բան չեն եղած եթէ ոչ՝ գործօն պատճառներէն մէկը Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ բաժանումին եւ տկարացումին։ Սակայն այսօր՝ ամբողջ Քրիստոնէական Եկեղեցի՛ն ինքնին վտանգի տակ է իսլամական հզօր շարժումին դիմաց, եւ մենք իրաւունք չունինք ձեռնածալ նստելու եւ սպասելու որ Եկեղեցին անգա՛մ մը եւս ընկղմի եւ խորտակուի՝ իր ներքին պայքարներով։ Բոլոր ժամանակներէ աւելի, ԱՅՍՕՐ քրիստոնէական Եկեղեցին կարիքն ունի վերանորոգման եւ զարթօնքի, այլլ խօսքով՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ։Կասկած չունիմ երբեք, թէ նման քայլ մը սիրով պիտի ողջունուի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան կողմէ, որովհետեւ՝ թէեւ թիւով փոքր, բայց  նոր եւ որակաւոր ոյժեր պիտի միանան հայրապետութեան միաբանական զինուորեալ շարքերուն։ Այս միութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ նաեւ, որ աչալրջութեամբ եւ նոր մարմիններու վերին հսկողութեամբ պահպանուին հայկական հազարամեայ գանձերը ի Վիիեննա եւ ի Վենետիկ, եւ այս բոլորը միայն՝ ի պատիւ հայ ժողովրդի տառապեալ աշխարհացրիւ զաւակներուն:


Հղումը http://777monk777.livejournal.com/14265.html